2010-01-19 13:40:47

2010 - Հայ կնոջ տարի` Կինը Աստուածաշունչին մէջ

 


2010 - Հայ կնոջ տարի` Կինը Աստուածաշունչին մէջ



Որպէս քրիստոնեայ, մեր դաւանած ճշմարտութիւններուն, արժէքներուն ու սկզբունքներուն հիմքը կը նկատենք Աստուածաշունչը։ Անհրաժեշտ է, հետեւաբար, որ Աստուածաշունչը ունենանք մեր մեկնակէտը երբ կը խօսինք կնոջ մասին։ Արդարեւ, Աստուածաշունչը կը հաստատէ, որ Ադամ եւ Եւան Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած են եւ միասնաբար ու հաւասարապէս այս երկրի վրայ բազմանալու ու իշխելու պարտաւորութեան կոչուած Աստուծոյ կողմէ (Ծննդ 127-28)։ Արեւելքի մէջ ընկերութիւնը ենթակայ ըլլալով արական սեռի տիրապետութեան, նաեւ Հին Կտակարանին մէջ կինը կը տեսնենք ընդհանրապէս նոյն պատկերով ներկայացուած։

Նոր Կտակարանին մէջ ամբողջութեամբ շրջուած կը ներկայանայ կնոջ պատկերը։ Կինը Աստուծոյ շնորհքին կարժանանայ Աստուծոյ Որդին կը մարդեղանայ կնոջ ճամբով Ղուկ. 1.26-38։ Այս իրողութիւնը ինքնին մեծ յեղաշրջում մըն էր արական սեռի գերիշխանութեան տակ գտնուող ընկերութեան մէջ։ Եւ աւելի՛ն, Քրիստոս կը դառնայ կնոջ ազատագրիչը։ Կինը ներկայութիւն կը դառնայ ո՛չ միայն Քրիստոսի առակներուն, հրաշքներուն ու ուսուցումներուն մէջ, այլ նաեւ փրկագործական խորհուրդին մէջ՝ Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի ճամբով որպէս տիպար կին եւ օրինակելի մայր։ Կնոջ հանդէպ իրենց ցուցաբերած յատուկ նախանձախնդրութենէն մղուած, Քրիստոս ու ապա Առաքեալները կը մերժեն հրեաներու, յոյներու ու հռոմայեցիներու մօտ ընդունուած այրին գերակայութիւնը ու կնոջ ստորակայութիւնը եւ կը շեշտեն այր եւ կնոջ հաւասարութիւնը։

Եկեղեցւոյ հայրերու գրականութեան մէջ յատկանշական է մանաւանդ հակադրութիւնը նոր Եւա-ին՝ Աստուածածնին, որ կեանք բերաւ աշխարհ՝ ծնունդ տալով աշխարհի փրկչին, եւ հին Եւանին, որ մահը բերած էր աշխարհ։ Երկնային շնորհներով լեցուն Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի մէջ եկեղեցին ուզած է տեսնել ո՛չ միայն կինը, որպէս տիպար բարոյական առաքինութեանց ու արժէքներու, այն նաեւ իր Որդւոյն կողքին կեցած ու անոր տառապանքին ու ուրախութեան մասնակից մայրը։



Յայտնենք թէ Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը շնորհակալական նամակ մը յղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Արամ Ա Վեհափառին, 2010-ը Հայ Կնոջ Տարի յայտարարելուն եւ այդ առիթով հայ ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ, Հայ Օգնութեան Միութեան իր յատկացուցած յատուկ տեղին համար։

Յունիս 2009-ին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցած էր Արամ Ա. Վեհափառին հետ եւ անոր օրհնութիւնը հայցած յառաջիկայ տարի միութեան Հարիւրամեակի նշումին առիթով։ Սեպտեմբեր 2009-ին, Արամ Ա. Վեհափառը ՀՕՄ-ին շնորհած էր Կոնդակ մը, որուն մէջ յատկապէս նշուած էր.- ՀՕՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակը տօնախմբել կը նշանակէ անոր հարիւրամեայ ծառայութեան արժեւորումը կատարել։ Ամբողջանուէր ծառայութիւն դարձաւ ՀՕՄ-ը մեր կեանքի յատկապէս կրթական ու ընկերային մարզերէն ներս։

ՀՕՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակը նշել կը նշանակէ համահայկական կառոյցի մը գործունէութիւնը արժանաւորապէս գնահատել։ Իր ծնունդով եւ ուղղութեամբ, իր գործունէութեամբ ու նպատակով ՀՕՄ-ը եղաւ ու մնաց համազգային իր կեանքին ու առաքելութեան մէջ տեղականը ու համահայկականը միշտ ներդաշնակօրէն ընդելուզուած մնացին։

2010-ը Հայ Կնոջ Տարի յայտարարելու Արամ Ա. Վեհափառի որոշումին անդրադառնալով, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեանը յայտնեց.- Մեծապէս երախտապարտ ենք Վեհափառ հօր, Հայ Կնոջ Տարին ՀՕՄ-ի Հարիւրամեակին միացնելուն համար։ Անոր հայրապետական պատգամը միութեան բոլոր անդամները կրկնակի պարտաւորութեան տակ կը դնէ մեր ժողովուրդին ծառայելու իրենց յանձնառութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.